2016-06-28 14:36:00

Հայր Լոմպարտի. Պապին դիտաւորութիւնն է անցեալի ցաւերու ճանաչումը` ոչ թէ կրօններու պատերազմը''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Այս ճամբորդութիւնը ունեցաւ երեք կարեւոր հիմնական իրականութիւններ, Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը հայ ժողովուրդին հետ, հայերու գնահատանքը Պապին ցուցաբերած մօտիկութեան ու հայ ժողովուրդի պատմութեան ու քրիստոնէական աւանդութեան հասկացողութիւնը'' այսպէս արտայայտուեցաւ Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, որուն մէջ անդրադարձաւ Քահանայապետին Հայաստան կատարած երրօրեայ այցելութեան ու այդ այցելութեան հանգրուաններուն, սկսեալ Նախագահական Պալատի մէջ դիւանագիտական ու պետական իշխանութիւններու հետ ունեցած Քահանայապետի  հանդիպումէն։ Հայր Լոմպարտի նշեց ապա Սրբազան Քահանայապետին ունեցած պաշտօնական այլ հանդիպումները յատկապէս շեշտելով Երեւանի հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած համամիութենական աղօթքի կարեւորութիւնը ու այդ ծիրէն ներս համամիութենական ձեռնարկները ու եզրափակիչ միասնական յայտարարութիւնը։

Հայր Լոմպարտի նշեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին քաջալերական մաղթանքը ուղղուած Հայաստանի Հայ Կաթողիկէ փոքրաթիւ հասարակութեան, որոնք, ըսաւ Ան, զգացին Տիեզերական Հովիւի մօտիկութիւնը, Գիւմրիի մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագի արարութեամբ։

Հայր Լոմպարտի մատնանշեց նաեւ այն բազմահազար սփիւռքահայերուն որոնք աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած էին Հայաստան մասնկացելու համար այս կարեւոր ու պատմական այցելութեան, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան ներկայութեան։

Քահանայապետը, ըսաւ Հայր Լոմպարտի, ուզեց շրջանին փոխանցել խաղաղութեան պատգամ մը յոյս յայտնելով որ այդ պատգամը ըմբռնուի եւ ի գործ դրուի։

''Ինչ որ կարեւոր է, ըսաւ Հայր Լոմպարտի, Քահանայապետին դիտաւորութիւններուն ճշմարտութիւնն է, Ան արդարեւ ոչ մէկ կրօնական պատերազմ կ՛ուզէ մղել, այլ կը փափաքի պարզապէս հիմքը դնել անցեալի տառապանքներու ճանաչումին, որպէսզի ապագային, այս տառապանքները կամ կեանքի յարգանքի պակասը եւ ուրիշներու իրաւունքի յարգանքի պակասը դարձեալ չի կրկնուին։ Այս էր ահա Ֆրանչիսկոս Պապին դիտաւորութիւնը'' հաստատեց հայր Լոմպարտի։








All the contents on this site are copyrighted ©.